Յունուար 20-ին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հիւսիսային հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը գործողութեան մէջ դրած են հարուածային անօդաչու թռչող սարք` կիրառելով բաժակի մէջ կաղապարուած ձեռքի նռնակ: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
«Զաւեշտական է, որ մօտ $4 միլիառ ռազմական պիւտճէի մասին անընդհատ բարձրագոչող Ատրպէյճանը 21-րդ դարուն կ՛օգտագործէ տնայնագործութեամբ (кустарный) պատրաստուած ռազմական սարք, որ, դեռեւս 20-րդ դարուն կը կիրառէին աֆղանական մոջահետները, իսկ ապա նաեւ` «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները», -կ՛ըսուի հաղորդարգրութեան մէջ:
Հակառակորդին նախայարձակ գործողութեան հետեւանքով պաշտպանութեան բանակը որեւէ կորուստ չէ ունեցած:
Ատրպէյճան անօդաչու թռչող սարքեր կը գնէ Իսրայէլէն: 2007-ին $1,6 միլիառի զէնքի մատակարարման պայմանագիր կնքած է այդ երկրին հետ: Բացի անօդաչուներէն, Իսրայէլ Ատրպէյճանին կը մատակարարէ ռատարներ, հակահրասայլային հրթիռներ, ականանետեր, գիշերային տեսանելիութեան սարքեր, այլ ռազմական պարագաներ: