Հակառակորդը ներթափանցման գործողութիւններ ձեռնարկած է Թշնամին զոհեր ձգելով ետ շպրտուած է

Փետրուարի 25-ին` ժամը 03:00-ի եւ 04:00-ի մօտ, սահմանագիծի հարաւարեւելեան (Մարտունի) եւ արեւելեան (Ակնայ) ուղղութիւններով հակառակորդը, օգտագործելով ականազերծման «Տրոպա» տիպի զինամթերք ձեռնարկած է հետախուզական յարձակման փորձերու:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի  մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները երկու ուղղութիւններով ալ ժամանակին նկատած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են զանոնք իրենց ելման դիրքեր: Բանակի յառաջապահ ուժերու հակահարուած գործողութեան արդիւնքով հակառակորդը տուած է առնուազն երկու զոհ, որոնց մարմինները կը գտնուին չէզոք գօտիին մէջ: ՊԲ-ն կորուստներ չէ ունեցած:

Աւելցնենք նաեւ, որ ատրպէյճանական յարձակման գործողութիւնները հետեւանք են վերջին շրջանին հակառակորդ երկրի քարոզչամեքենային կողմէ առաջնագիծին վրայ իբր թէ արցախեան ուժերու յարձակումին վերաբերեալ անընդհատ տարածուող ապատեղեկատուութեան, որով ալ թշնամին հող նախապատրաստած է իր յետագայ սադրանքներուն համար:

Բացի յարձակման փորձերէն Փետրուար 24-ին եւ լոյս 25-ի գիշերը արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը, ականանետերէ, հրանօթներէ, նռնականետերէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ խախտած է հրադադարը ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 860 կրակոց: Յատկապէս բուռն խախտումներ արձանագրուած են շփման գիծի արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով: Նշուած հատուածներուն մէջ հակառակորդը 60, 82 ու 120 միլիմեթրանոց ականանետերու եւ Դ-44 տիպի հրանօթներու կիրառմամբ, ընդհանուր առմամբ, արձակած է 169 արկ:

ՊԲ համապատասխան կառոյցներու կողմէ տրամադրուած հաւաստի տուեալներուն համաձայն` արեւելեան ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդին կենդանի ուժի եւ զինատեսակներու տեղաշարժեր:

ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը սահմանգիծի ամբողջ երկայնքով անցած են կազմակերպուած պաշտպանութեան եւ պատրաստ են հակառակորդին որեւէ սադրանքին տալ արժանի պատասխան: