Հայաստանի Եռագոյնը երկիր պիտի վերադառնայ Սեպտեմբերին

Ռուսաստանաբնակ բարերար Հրաչեայ Պողոսեանի մտայղացմամբ` Մարտէն ի վեր տիեզերքի մէջ «կը շրջագային» Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը ու Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած պաստառը, կը հաղորդէ «Երկիր մեդիա»-ն՝ վկայակոչելով NovostiNK.ru-ն:

Ռուսական տիեզերանաւի անձնակազմը Երկիր պիտի վերադառնայ Սեպտեմբերին, իսկ արդէն Հոկտեմբերին` հանդիսաւոր պայմաններու մէջ, Հայաստանի ղեկավարներուն պիտի յանձնեն դրօշն ու պաստառը: