Հայաստանի զինուած ուժերու պատուիրակութիւնը մեկնած է Ասթանա

Հայաստանի զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու պետական-վարչութեան պետ, գնդապետ Արմէն Վարդանեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբը 24 Օգոստոսին մեկնած է Ղազախստան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, Հայաստանի զինուած ուժերու պատուիրակութիւնը 24-26 Օգոստոսին Ասթանայի մէջ մասնակցած են ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդին առընթեր Հակաօդային պաշտպանութեան համադրման կոմիտէի հերթական նիստին եւ ռազմաօդային ուժերու հակաօդային, զենիթահրթիռային, օդատիեզերական պաշտպանութեան զօրքերու հրամանատարներու ուսումնամեթոտական հաւաքին: