Հայաստանի մէջ «Զինուած Ուժերու Մետիա» պետական հաստատութիւնը պիտի ստեղծուի

Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի Պաշտպանութեան նախարարութեան «զինուած ուժերու մետիա» («Զինուժ Մետիա») պետական հաստատութիւնը:

Համապատասխան որոշումը հաստատուած է Փետրուար 1-ին, ՀՀ կառավարութեան նիստին: Որոշման նախագիծը ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը։  Ըստ որոշման՝ «Զինուած ուժերու սթուտիա» պետական հաստատութիւնը «Զինուժ» սթուտիա, Սպաներու տունը եւ «հայ զինուոր» պաշտօնական թերթը պիտի միաւորուին եւ պիտի վերափոխուին մէկ պետական կառոյցի` «Զինուած ուժերու մետիա»-ի:

Սարգսեանի խօսքով` այդ միջոցներու համախմբումը պիտի բարձրացնէ գործողութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան բանակի եւ հասարակութեան միջեւ կապերու ամրապնդման, երիտասարդութեան հայրենասիրութեան ոգիով դաստիարակման, ազգային ինքնագիտակցութեան բարձրացման, տեղեկատուական ոլորտի հետ համագործակցութեան զարգացման, հնարաւոր հակառակորդի տեղեկատուական քարոզչութեան գնահատման, հասարակական ցանցերու մէջ տեղեկատուական ճնշման հակազդման եւ Զինուած ուժերու դրական վիճակի ձեւաւորման: