Հայաստանի նախագահը աշխատանքային այցով մեկնած է Տաւուշի մարզ եւ այցելած է մարտական դիրքերէն մէկը

Հանրապետութեան նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այսօր առաւօտեան աշխատանքային այցով մեկնած է Տաւուշի մարզ, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապի վարչութիւնը:
Նախագահը այցելած է հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիի մարտական դիրքերէն մէկը` շրջայց կատարած մարտական յենակէտի մէջ եւ ծանօթացած է ծառայութեան ու զինուորներու կենցաղային պայմաններուն, երկրաչափական եւ ամրաշինական կառոյցներու, մարտական պատրաստականութեան վիճակին: Հանրապետութեան նախագահը նուէրներով խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի պաշտպաններուն, մաղթած անոնց յաջողութիւն, բարի ծառայութիւն եւ ընդգծած, որ անոնց բարեխիղճ ծառայութիւնը մեծապէս կը գնահատուի եւ անոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը կրնայ հանգիստ ապրիլ, աշխատիլ եւ զարգացնել մեր հայրենիքը:
Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ մասնակցած է Իջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասի նոր մշտական տեղակայման վայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, ուր ելոյթներով հանդէս եկած են պաշտպանութեան նախարարը, զօրամասի հրամանատարը, ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդը, պարտադիր ժամկետային զինծառայողներէն մէկը: Նորակառոյց զինաւանի բացման նուիրուած հանդիպումէն եւ հանդիսաւոր երթէն ետք Հանրապետութեան նախագահը շրջայց կատարած է զօրանոցին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, զրուցած անձնակազմի հետ եւ զինուորական ճաշարանին մէջ ճաշած զինուորներուն ու հրամանատարներուն հետ:
Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարութեան Դիլիջանի «Լեռնային Հայաստան» առողջարանին մէջ նախագահը հարցազրոյց տուած է «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան «Ռ-էւոլիւցիա» հաղորդաշարին: