Passport Index-ի աղիւսակին համաձայն՝ հայկական անցագիրը 137-րդ տեղը կը գրաւէ 2017 թուականի աշխարհի ամէնէն հզօր անցագիրներու շարքին, կը հաղորդէ “Փանարմինիըն”-ը:
Հայաստանի քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան մուտք գործել 59 երկիրներ, որոնց շարքին՝ Արժանթին, Պելոռուս, Պրազիլ, Իրան, Ղազախստան, Խրխզիստան, Վրաստան, Տաճիկիստան, Ռուսիա, Իւզպեքիստան, Ուրուկուէյ եւ այլն:
Աշխարհի ամէնէն հզօր անցագիրը այս տարի ո՛չ եւրոպականն է եւ ոչ ալ ամերիկեանը. այս անգամ աղիւսակը կը գլխաւորէ Սինկափուրը: Այս երկրի քաղաքացիները կրնան առանց վիզայի 153 երկիր մուտք գործել: