Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ

Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցանեցին 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուցած ոճիրի` Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակին:

Անմար կրակին մօտ, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգեւոր դասը, պաշտօնատար անձիք գլուխ խոնարհեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին սպաննուած 1,5 միլիոն հայերուն յիշատակը:

Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան` տիկնոջ Ռիտա Սարգսեանի հետ, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:

Երկրի բարձրաստիճան ղեկավարներուն հետ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին նաեւ աշխարհահռչակ հայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուր, հոլիուտեան դերասան Ճորճ Քլունի, «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներն ու մասնակիցները, «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկրորդ համաշխարհային համաժողովի մասնակիցները:

Աւարտին յիշենք, որ Ապրիլ 24-ին յիշատակի արարողութիւններ կը կատարուին Հայաստանի բոլոր շրջաններուն, աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն մէջ: Բողոքի կոչ կը բարձրացուի Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան դէմ եւ ուղերձ կը յղուի միջազգային հանրութեան` ճանչնալու 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճրագործութիւնը` այդպիսով թոյլ չտալով ցեղասպանութիւններու կրկնութիւն: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ կը մատուցանուին հոգեհանգստեան պատարագ: