Հայրենադարձ Լիւսի Վանա Կարապետեան՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարի օգնական

ՀՀ սփիւռքի նախարարի օգնական կը դառնայ հայրենադարձ Լիւսի Վանա Կարապետեան։ Այս մասին կը կարդանք ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի դիմատետրի էջէն։

Լիւսի Վանա Կարապետեան 2012 թուականին Հալէպէն տեղափոխուած է Հայաստան, ուր ստացած է իր բարձրագոյն կրթութիւնը՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի Լրատուական բաժանմունքին մէջ։ 2017-ի Սեպտեմբերէն Երեւանի Պետական Համալսարանի Լրատուական բաժանմունքի «Հասարակութեան հետ կապեր եւ հաղորդակցական արհեստագիտութիւններ» մասնագիտական ծրագիրի ուսանող է։

Կարապետեան գերազանց կերպով կը տիրապետէ Արեւմտահայերէնին եւ Արեւելահայերէնին, ինչպէս նաեւ գիտէ արաբերէն, անգլերէն եւ թրքերէն։