Հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը խորհրդանշող Աղբիւր-յուշարձան՝ Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիրին մօտ

Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիրին մօտ, Մայիս 28-ին, բացուեցաւ հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը խորհրդանշող Աղբիւր-յուշարձանը:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար ժան Իվ Լը Տրիան, ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, փրկուած մուսալեռցիներու հարազատներ, մարզի բնակիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Ժան Իվ Լը Տրիան մասնակիցներուն հետ ծաղիկներ դրաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին, այնուհետեւ այցելեց Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութեան եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ շատ ուրախ է Հայաստան գտնուելու եւ մասնակցելու Աղբիւր-յուշարձանի հանդիսաւոր բացման արարողութեան: