Հանրապետական կուսակցութիւնը պատրաստ է առանց նախապայմաններու քննարկումներու

Ապրիլ 25-ին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան խմբակցութեան անդամներու հանդիպումը ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հետ:

Հանդիպման սկիզբը Սերժ Սարգսեան ՀՀԿ խմբակցութեան անդամներուն աւելի մանրամասն ներկայացուցած է իր հրաժարականի պատճառները եւ խօսած Ազգային ժողովի մէջ աշխատելու տարբեր ձեւաչափերու մասին` յորդորելով ամէն ինչով առաջնային նշանակութիւն տալ ներքին կայունութեանն ու երկրի անվտանգութեան, որ որեւէ որոշման պարագային կարելի է իրականացնել միայն Հանրապետականի միասնութեան շնորհիւ:

Ապա խմբակցութեան անդամները ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հետ քննարկած են ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ հնարաւոր զարգացումները:

Որոշուած է, որ Հանրապետական խմբակցութիւնը առանց նախապայմաններու պատրաստ է բոլոր կողմերուն հետ քննարկել որեւէ հարց:

Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուած են նաեւ կուսակցութեան ղեկավար մարմիններու մէջ սկսիլ քննարկելու կուսակցութեան նախագահի փոփոխութեան հարցը: