ՀՀ ԱԳ նախարար. «ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորումը պէտք է արտայայտէ հայկական կողմի շահերը եւ ձգտումները»

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը պէտք է արտայայտէ հայկական կողմի շահերը եւ ձգտումները: Այս մասին նշեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Մայիս 25-ին Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին:

«Այժմ կարեւորագոյն նպատակը բանակցութիւնները վերականգնելն է ` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ: Մեր բոլորս յոյս ունինք, որ կարգաւորումը պիտի ըլլայ շատ շուտով, սակայն անիկա պէտք է արտայայտէ մեր շահերը, ձգտումները: Փոխզիջումի հիմքի վրայ առաջին հերթին դրուած է մեր շահերու եւ նպատակներու արտայայտութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը եւ անվտանգութիւնը»,- “Արմենփրես”-ի հաղորդմամբ՝  ըսած է նախարարը:

Մնացականեանի խօսքով` հայկական կողմը պատրաստ է ներգրաւուելու բանակցութիւններու մէջ, կապի մէջ է համանախագահներու հետ: Հեռախօսազրոյց ունեցած են եւ կրկին պիտի ունենան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-իւ Լէ Տրիանն է Հայաստան պիտի ժամանէ` Մայիս 27-28-ին:

Հարցումին` հնարաւոր է արդեօք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու տարածաշրջանային այց եւ իր եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Մամետեարովի մօտալուտ հանդիպում, Մնացականեան ըսած է` հնարաւորութեան հարց չէ, բանակցութիւններու էութիւնն է: «Ատիկա  բանակցութիւններու ձեւաչափի մէջ տեղաւորուող գործընթաց է»,-եզրափակեց ան: