ՀՀ ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին նախագիծը:
Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ նախագիծին կողմ քուէարկեց 86, դէմ` 6 պատգմաւոր:
Քուէարկութենէն առաջ դէմ քուէարկելու մասին յայտարարեց «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեանը: ՀՀԿ-ն, ՀՅԴ-ն ու «Ծառուկեան» դաշինքը կողմ քուէարկեցին նախագծին:
Պարտադիր զինուորական ծառայութենէն տարկէտման հիմքերու ցանկէն հանուած են գիտական աստիճան ունենալու հիմքով պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատուելու իրաւունքը միաժամանակ մինչեւ օրէնքի ուժի մէջ մտնելը ասպիրանդուրայի մէջ ուսանելու կապակցութեամբ արդէն իսկ տարկէտում ստացած անձերուն համար կը պահպանուի նշուած իրաւունքը մինչեւ 2020 Դեկտեմբեր 31:
Տարկէտման հիմքերու ցանկէն հանուած է ուսումը շարունակելու համար տարկէտման իրաւունքը, որ փոխարինուած է նպատակային ուսման համար տարկէտման իրաւունքով` ի դէմս պաքալորիայի, դիպլոմաւորուած մասնագէտի կամ ընդելուզուած կրթական ծրագիրով առկայ ուսուցումով ուսանող եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ պայմանագիր կնքած այն անձերուն, որոնք ցանկութիւն կ’ունենան ուսումնառութեան ընթացքին անցնելու ռազմական պատրաստութիւն, իսկ ուսման աւարտէն ետք պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կը կնքեն պայմանագրային սպայական ծառայութեան անցնելու պայմանագիր` երեք տարի ժամկէտով պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ նշուած վայրին մէջ եւ պայմաններով: «Մանրամասները կը սահմանուին կառավարութեան կողմէ սահմանուած ենթաօրէնսդրական ակտերով:
Թափանցիկութեան, արդարութեան ապահովման եւ հնարաւոր վտանգէ խուսափելու նպատակով՝ ծաւալուն փոփոխութիւններ նախատեսուած են զօրակոչի ենթակայ անձերու եւ զինծառայողներու առողջական վիճակի հետազօտման եւ բժշկական փորձաքննութեան գործընթացին մէջ, որուն ծիրէն ներս հետազօտութեան եւ փորձաքննութեան կարգերը, զինուորական ծառայութեան հետ կապուած խնդիրներ առաջացնող հիւանդութիւններու ցանկը պիտի սահմանէ կառավարութեան որոշումով: