ՀՀ Ազգային ժողովը, Մայիս 3-ին, ժամը 16:00-ի դրութեամբ, վարչապետի թեկնածու առաջադրած է Նիկոլ Փաշինեանը: Թեկնածութիւնը առաջադրուած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի մէկ երրորդէն աւելիի կողմէն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութենէն:
Յիշեցնենք, որ Մայիս 1-ի յատուկ նիստին, ՀՀ Ազգային ժողովը վարչապետ չընտրեց, իսկ «ԱԺ կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքին համաձայն՝ վարչապետ չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթը օր ետք կ՝իրականացուի վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունք ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: