Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ է «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու ծրարը:
Հիմնական զեկուցողը Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ համաձայն նախագիծին՝ կառավարութեան կազմը պիտի բաղկանայ վարչապետէ, առաջին փոխվարչապետէ, երկու փոխվարչապետներէ եւ 17 նախարարներէ:
«Վարչապետը կարող է զրկուել իր լիազօրութիւնները կատարելուց, եթէ կորցնում է քաղաքացիութիւնը, ձեռք է բերում այլ երկրի քաղաքացիութիւն կամ էլ օրէնքով սահմանուած անհամատեղելիութեան պահանջներն է խախտել: Վարչապետը նաեւ կարող է զրկուել իր լիազօրութիւններից, եթէ ընտրուելուց յետոյ 5 օրեայ ժամկէտում կառավարութեան կազմաւորման համար անհրաժեշտ թուով թեկնածուներ չներկայացնի», զեկուցեց Յարութիւնեան:
Յստակեցուած է նաեւ կառավարութեան, նախարարութիւններուն եւ վարչապետին ենթակայ մարմիններու շրջանակը: Վարչապետին ենթակայ մարմիններն են՝ ոստիկանութիւնը, ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, պետական պահպանութեան ծառայութիւնը եւ պետական վերահսկողութեան ծառայութիւնը: