ՀՀ Նախագահը Քննարկած Է Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Նախապատրաստման եւ Համահայկական Խորհուրդի Ձեւաւորման Վերաբերող Հարցերը

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդակցած է Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համաժողովին եւ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նախապատրաստման աշխատանքներուն շուրջ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն։

Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման վերաբերեալ առկայ հիմնական մօտեցումներուն եւ այդ մարմնի կազմաւորման մեքանիզմներուն վերաբերեալ զեկուցած է Սահմանադրական դատարանի նախագահ, կազմակերպչական յանձնախումբի աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուներէն Գագիկ Յարութիւնեան: Յիշեալ մօտեցումներն ու մեքանիզմները, քննարկման առարկայ կը դառնան 18-20 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի նիստերէն մէկուն ընթացքին:

Հաշուի առնելով համահայկական նոր կառոյցի վերաբերեալ նախորդ տարիներու քննարկումները` Հանրապետութեան Նախագահը յանձնարարած է նախապատրաստել Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նպատակներու, անդամակցութեան չափանիշներու, 2018-ին տեղի ունենալիք առաջին նիստի օրակարգի եւ աշխատակարգի նախագիծերը` շահագրգիռ բոլոր կողմերու, ներառեալ` սփիւռքի մէջ գործող կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու հետ համապատասխան քննարկումներու արդիւնքով:

Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու շուրջ նախապատրաստական աշխատանք կատարելու մասին որոշումը միաձայն ընդունուած էր դեռեւս  Սեպտեմբեր 2015–ին` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստին, ուր Հանրապետութեան Նախագահը, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն ընթացքին ու յառաջիկայ ընելիքներուն շուրջ կայացած ծաւալուն քննարկումներն ամփոփելով, նշած էր, որ կը նկատուի հետագայ աշխատանքի համադրման, պարբերական շփումներու մշտական հարթակ ձեւաւորելու ընդհանուր պահանջ: Նոյն նիստին ձեւաւորուած էր կազմակերպչական յանձնախումբ, որուն յանձնարարուած էր նախաձեռնել խորհրդատուութիւններու լայն, ներառական գործընթացք: Աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուներ նշանակուած էին ՍԴ նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը եւ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը: