ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Հայրենադարձութիւն անպայման պիտի ըլլայ»

Հայաստանի մէջ ներքաղաքական վերջին իրադարձութիւններէն ետք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ միջազգային հանրութեան վերաբերումը տասն անգամ աւելի բարձր է, քան ասկէ մէկ ամիս առաջ: Ըստ «Արմէնփրէս»-ի Յաղթանակի զբօսայգի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:

«Պէտք է հպարտ ըլլալ այսօրուայ Հայաստանով: Հպարտ, որովհետեւ կրցանք ընել այնպիսի բան, որ որեւէ ուրիշ երկիր կամ պետութիւն վերջին տարիներուն, տասնամեակներուն չէ կրցած ընել: Անիկա յեղափոխութիւն է հայկական ձեւով, ուր մարդիկ յեղափոխութիւն կ’ընեն առանց ընդհարումներու, ծաղիկներով եւ ժպիտով, ուրախութեամբ եւ փուչիկներով»,-ըսած է ան:

Լրագրողի այն հարցին, հանդիպած է արդեօք Արմէն Սարգսեանը Հանրապետութեան երրորդ նախագահի հետ, Արմէն Սարգսեան պատասխանեց, որ թէյ խմած է Սերժ Սարգսեանի հետ: «Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպած եմ մի քանի օր առաջ, քննարկած եմ իրավիճակը, միասին թէյ խմած ենք», – ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Ան շնորհաւորեց նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները՝ նշելով, որ լրատուական դաշտը եւս լուրջ ներդրում ունի այս փոփոխութիւններու մէջ: «Ոչ միայն ես, այլ ամբողջ աշխարհը կը գնահատէ անիկա: Մենք պէտք է այդ ողջ դրական ներուժը, եռանդը ներդնենք, որպէսզի մեր երկիրը կառուցուի եւ դառնայ աւելի լաւ», – նշեց ան:

ՀՀ չորրորդ նախագահը վստահեցուց, որ հայրենադարձութիւն անպայման պիտի ըլլայ: «Ոեւէ հայու հայրենիքը այստեղ է: Ես կը տեսնեմ՝ վերադարձ արդէն կայ, ամէն ինչ կախուած պիտի ըլլայ մեզմէ: Եթէ որոշ ժամանակ անց այդ դրական ներուժը ըլլայ եւ երկիրը առաջ երթայ, եթէ դրական քայլերը ըլլան, ապա կը կարծեմ, որ վերադարձ անպայման պիտի ըլլայ», -աւելցուց նախագահը: