ՀՀ նախագահ. «Հայաստանը հետեւողականօրէն պիտի աշխատի կաշառակերութեան ախտը արմատախիլ ընելու համար»

Կաշառակերութեան դէմ պայքարը պէտք է գերակայութիւն հանդիսանայ հասարակական եւ քաղաքական բոլոր շերտերուն մէջ. այդ ուղղութեամբ Հայաստանը նախատեսած է նոր գործիք: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ԵԽԽՎ ամպիոնէն նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

«Մենք ընդունած ենք քանի մը օրէնք, որոնցմով երկրին մէջ կը ստեղծուի կաշառակերութեան կանխարգիլման մարմին: Անիկա պիտի սկսի գործել այս տարի, իսկ այդ մարմնի անդամները պիտի ընտրուին խորհրդարանին կողմէ»,-­ ընդգծած է ՀՀ նախագահը:

Սերժ Սարգսեանը նաեւ նշած է, որ Հայաստանի խորհրդարանը ընդունած է ազդարարման համակարգի եւ ազդարարներու պաշտպանութեան մասին օրէնքը, երկրին մէջ քրէականացուած է ապօրինի հարստացումը: ՀՀ նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանը հետեւողականօրէն պիտի աշխատի կաշառակերութեան ախտը արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ: