Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Deutsche Welle-ի ռուսական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, այս մասին խօսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Սոչիի մէջ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած ենք նաեւ ղարաբաղեան հարցը: Շատ կարեւոր եղած է ընդգծելը, որ հարցի խաղաղ կարգաւորումը խնդիրի լուծման միակ ճանապարհն է: Այստեղ չկայ որեւէ ուժային լուծման տարբերակ: Ատիկա ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ռուսիոյ դիրքորոշումն է: Բարձրացուցած եմ նաեւ Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու հարցը: Կը կարծեմ, որ մենք կառուցողական քննարկում ունեցած ենք»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Ան նշած է, որ բարեկամական տրամադրուած է ինչպէս ՌԴ նախագահ Փութինի, այնպէս ալ ԵԱՏՄ անդամ միւս պետութիւններու ղեկավարներուն նկատմամբ:
«Հայաստանը խաղաղ երկիր է, հայ ազգը խաղաղասէր է: Միեւնոյն ժամանակ մեզի համար կարեւոր են մեր երկրի շահերը: Մենք սերտ յարաբերութիւններ ունինք Ռուսիոյ հետ, եւ ես յոյս ունիմ, որ այդ յարաբերութիւնները պիտի դառնան աւելի խոր»,- ըսած է ան: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանը շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի Եւրոմիութեան, ԱՄՆ-ի, Իրանի, Վրաստանի եւ բոլոր այն երկիրներու հետ, որոնք կ՝ուզեն ու պատրաստակամ են զարգացնելու Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը:
Խօսելով Սոչիի մէջ կայացած ԵԱՏՄ գագաթնաժողովին մասին՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ այնտեղ դրական մթնոլորտ կար: «Կը կարծեմ, որ այս փուլին ձեւաւորուեցան շատ լաւ անձնական յարաբերութիւններ: Վստահ եմ, որ այդ յարաբերութիւնները շատ աւելի լաւը պիտի դառնան»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը մանրամասնած է, որ Փութինի հետ խօսած են Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն, ԵԱՏՄ-ի, ՀԱՊԿ-ի ծիրէն ներս բազմակողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու մասին: