ՀՀ Վարչապետը Մոսկուայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վանական համալիր այցելեց

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցին ծիրէն ներս,  Յունիս 14-ի առաւօտեան այցելեց Մոսկուայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վանական համալիր:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ անոր դիմաւորեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը: Վերջինիս ուղեկցութեամբ՝ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Սուրբ Պայծառակերպութեան մայր տաճար, ուր կատարուեցաւ մոմավառութիւն:

Եզրաս Սրբազանի առաջնորդութեամբ՝ հոգեւոր դասը աղօթք հնչեցուց աշխարհի խաղաղութեան, Հայաստանի բարօրութեան համար: ՀՀ վարչապետը նաեւ շրջայց կատարեց Տապան թանգարանին մէջ, ուր ներկայացուած էին հայկական մշակոյթին վերաբերող, հայկական եկեղեցւոյ պատկանող ցուցանմուշներ:

Այնուհետեւ, Նիկոլ Փաշինեան այցելեց նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի անուան վարժարան, որ իր գործունէութիւնը պիտի սկսի Սեպտեմբերին: Վարժարան կրնայ յաճախել մինչեւ 200 աշակերտ: Վարչապետը ծանօթացաւ վարժարանի հնարաւութիւններուն: Նշուեցաւ, որ անիկա կահաւորուած է լաւագոյն գոյքով ու սարքերով: Վարժարանին մէջ պիտի դասաւանդեն բարձ որակաւորում ունեցող դասախօսներ: Ի դէպ, վարժարանը նախատեսուած է տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներու կրթութեան համար: Դասաւանդուող առարկաներու շարքին է նաեւ հայերէնը: Վարժարանը հիմնուած է Եզրաս Սրբազանի հովանիի ներքոյ:

Յունիս 13-ին մեկնարկած երկօրեայ աշխատանքային այցին ծիրէն ներս՝ Վարչապետը արդէն ունեցած է շարք մը հանդիպումներ: Մասնաւորապէս, Քրեմլինի պալատին մէջ հանդիպած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ ներկայ եղած է ֆութպոլի Աշխարհի առաջնութեան նուիրուած կալա-համերգին:

Յունիս 14-ին, ՀՀ վարչապետը «Լուժնիկ»-ի մարզադաշտին մէջ ներկայ պիտի գտնուի ֆութպոլի Աշխարհի առաջնութեան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ու առաջնութեան առաջին խաղին: