ՀՀ վարչապետի այցը Ստեփանակերտ՝ եռատօնին առիթով

Նորընտիր վարչապետ նիկոլ Փաշինեան, Մայիս 9-ի առաւօտեան ուղեւորուած է Արցախ՝ Ստեփանակերտի մէջ մասնակցելու Յաղթանակի օրուան տօնակատարութիւններուն: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի, ՊԲ հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի եւ այլ պաշտօնատար անձանց հետ Փաշինեան այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, այնուհետեւ ծաղիկներ դրած Արցախեան ազատամարտի մասնակիցներու գերեզմաններուն:

ՀՀ վարչապետը Մայիս 9-ի եռատօնին առիթով նաեւ ուղերձ յղած է՝ շնորհաւորելով Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնը։ Ան մասնաւորապէս ըսած է․

«Հայրենական մեծ պատերազմին մեր նախնիներու տարած յաղթանակը իսկապէս պատմական էր։ Այդ յաղթանակն ու անով պայմանաւորուած խաղաղութիւնը նոր դռներ բացին մեր ժողովուրդի համար եւ նոր հորիզոններ բացին անոր ստեղծագործ աշխատանքի, երկրի շէնացման ու զարգացման համար:

Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները այդ յաղթանակին տուին այն ամէնը, ինչ կրնային եւ փառքով պսակեցին իրենց անունը երկրորդ աշխարհամարտի բոլոր ճակատներուն, ինչպէս նաեւ թիկունքին, պարտիզանական կռիւներուն եւ դիմադրական շարժումներուն։

Խորին ակնածանքով այսօր մենք մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր վեթերաններուն։

Այսօր մեզի համար կրկնակի տօն է։ Մենք կը տօնենք Շուշիի ազատագրման հերթական տարեդարձը։ Այդ փառաւոր յաղթանակը սոսկ ռազմական յաջողութիւն չէր։ Անով արցախահայութիւնը փրկուեցաւ բնաջնջման վտանգէն եւ ձեռք բերաւ խաղաղ ապրելու հեռանկար…

… Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս փառապանծ տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղ երկինք, արդար ու արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի փառս մեր երկրի եւ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդի»։