Յատուկ քննչական ծառայութեան կարեւորագոյն գործերէն մէկը պէտք է ըլլայ Մարտ 1-ի ոճրագործութեան բացայայտումը: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Յատուկ քննչական ծառայութեան աշխատակիցներուն ներկայացնելով նորանշանակ պետ Սասուն Խաչատրեանը։
«Երբ կ՝ըսենք չկան եւ գոյութիւն չունին սահմանափակումներ, նկատի ունինք, որ չկան եւ գոյութիւն չունին սահմանափակումներ»,- ըսած է վարչապետը։
Ան ընդգծած է, որ եթէ նախապէս եղած են այնպիսի գործեր, որոնք տարբեր պատճառներով, քաղաքական, մերձքաղաքական, կամ այլ առարկայական պատճառներով առաջ չեն ընթացած՝ այժմ, սակայն, անդրադարձ պիտի կատարուի բոլոր այդ գործերուն:
«Յոյսով եմ, որ քննիչները՝ ՅՔԾ նոր պետի ղեկավարութեամբ՝ պիտի անդրադառնան բոլոր այդ գործերուն Հայաստանի մէջ լիարժէք իրաւակարգ ապահովելու նպատակով»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: