Հոլանտայի խորհրդարանը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունեց երկրի համախոհ կառավարութեան մէջ մտնող Քրիստոնէական Միութիւն կուսակցութեան անդամ Ճոյել Ֆորտեւինտի ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան երկու բանաձեւերը: Այս մասին՝ ըստ Արմենփրեսի՝ կը տեղեկացնէ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութեան նախագահ Մաթօ Հախվերտեան։
«Բանաձեւերու քուէարկութիւններուն կողմ եղած են գրեթէ բոլոր խմբակցութիւնները. դէմ քուէարկած է միայն փոքրաթիւ խմբակցութիւններէն մէկը, որու երեք անդամներն ալ ազգութեամբ թուրք են: Բանաձեւերը ընդունուեցան 142 կողմ ձայներով», ըսած է Հախվերտեան:
Առաջին բանաձեւով կը վերահաստատուի Հոլանտայի կողմէ 2004-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշումը, իսկ երկրորդով կը պարտադրուի կառավարութեան՝ նախարարի մակարդակով հինգ տարին մէկ անգամ Ապրիլ 24-ին այցելել եւ յարգանքի տուրք մատուցել Ծիծեռնակաբերդի մէջ»: