Հրայր Թովմասեան Սահմանադրական դատարանի նախագահ ընտրուեցաւ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի նախագահ նշանակելու համար առաջադրուած էր Հրայր Թովմասեանի թեկնածութիւնը։ Մարտ 21-ին Ազգային Ժողովի մէջ կազմակերպուած քուէարկութեան մասնակցած է 94 պատգամաւոր: «Քուէատուփին մէջ առկայ եղած է 93 քուէաթերթիկ, որմէ անվաւեր ճանչցուած է 2-ը»: Այս մասին՝ ըստ News.am-ի՝ յայտատարած է ԱԺ հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մելիքեան:

«Ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպով` կողմ 64, դէմ` 27: Այսպիսով Սահմանադրական դատարանի  նախագահ կը նշանակուի Հրայր Թովմասեան»,-ըսած է Մելիքեան:

Այնուհետեւ ամբիոնին մօտեցաւ Հրայր Թովմասեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վստահութեան համար, ապա խոստացաւ ըլլալ ե՛ւ լաւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ, ե՛ւ Սահմանադրական դատարանի լաւ նախագահ:

Ան մէջբերում ըրաւ «Որոգայթ փառաց»-էն` նշելով. «Այն ժամանակ, երբ հայ ազգը ապրած է օրինականութեամբ եւ օրինականութեամբ, կարգուկանոնով, եղած է ազատ ու երջանիկ»: Այս խօսքերը իրենց արդիականութիւնը կը պահպանեն նաեւ այսօր: Ես ամէն ինչ պիտի ընեմ ձեզ հետ միասին, որ մեր ազգը ըլլայ ազատ ու երջանիկ»: