Ճէյմի Շի «Օթան կ’աջակցի Լ. Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման»

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխօգնական Ճէյմի Շի «Թերթ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ՕԹԱՆ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ դերակատարութիւն չունի` աւելցնելով, որ այդ առաքելութեամբ կը զբաղի ԵԱՀԿ-ը, մասնաւորաբար, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու համանախագահութեամբ:

Շի նաեւ նշած է. «Մենք կ՛աջակցինք Մինսքի խմբակի փորձերուն խաղաղ լուծում գտնելու հարցին մէջ, մենք կ՛աջակցինք տագնապին խաղաղ լուծման եւ, ի հարկէ, յոյս ունինք, որ բոլորը զսպուածութիւն կը ցուցաբերեն»:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխօգնականը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պիտի չդառնայ Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը արգելակող խնդիր: