Մայքըլ Սրուրեան կը շահի Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին նուիրուած լոկոյի մրցոյթը

Արցախի Ազատագրական շարժման 30-րդ տարեդարձին նուիրուած աշխատանքները համադրող յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ իր որդեգրելիք լոկոյին համար յայտարարուած մրցոյթը շահած է Մայքըլ Սրուրեանի ստեղծագործութիւնը:

Ինչպէս խոստացուած էր, Սրուրեան պիտի ստանայ արցախեան գորգ մը՝ առ ի գնահատանք իր ներդրումին:

Չորս այլ մասնակիցներ՝ Յովիկ Զեքի, Ալեքս Քաւլաքեան, Անտրէյ Սարգսեան եւ Միքայէլ Լուժան, պիտի ստանան գնահատանքի յատուկ վկայագիրներ, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը: