Մատրիտի մէջ ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ կազմակերպուած է

Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս՝ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Մատրիտի «Հայ տուն» միութեան համատեղ ջանքերով՝ Մատրիտի մէջ, Փետրուար 25-ին, տեղի ունեցած է Միքայէլ Պօղոսեանի «Եթէ բոլորը» արցախեան հերոսամարտի դրուագներով նկարահանուած ֆիլմին ցուցադրութիւնը, որ ներկայացուած է հեղինակին կողմէ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպան Աւետ Ադոնցը իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Միքայէլ Պօղոսեանին՝ ներկայութեան եւ կատարուած աշխատանքին համար, անդրադարձած արցախեան հերոսամարտին եւ շարժման 30-ամեակին` շեշտելով հայկական համայնքներուն մէջ նման մշակութային եւ ուսուցողական ձեռնարկներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը:

Ֆիլմի աւարտէն ետք՝ կազմակերպուած է հետաքրքրական եւ բուռն քննարկում հեղինակին եւ ներկաներուն միջեւ:

Ձեռնարկին ներկայ եղած է շուրջ 150 հանդիսատես` հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, սպանացի երիտասարդներ, համալսարականական շրջանակներու եւ ԶԼՄ ներկայացուցիչներ: