«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի խորհրդական եւ ծրագրի պատասխանատու Աիդա Խաչիկեան ԱՐՑԱԽՓՐԷՍ-ի հետ զրոցին ըսած է, որ մրցանակը հիմնուած է 2004 թուականին եւ կը տրուի իւրաքանչիւր տարի` ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող արուեստի եւ գրականութեան բնագառներէն ներս ստեղծագործող երիտասարդ հեղինակներուն:
«Ծրագրի նպատակն է բացայայտել, խրախուսել եւ գնահատել հայ ապագայ մտաւորականութիւնը»,- ըսած է զրուցակիցը եւ աւելցուցած, որ մրցոյթը կ’իրականացուի երեք փուլով, իսկ յաղթողը կ’ընտրուի փակ քուէարկութեամբ:
Նշենք, որ ՀՀ Նախագահի մրցանակը կը ֆինանսաւորէ «Պօղոսեան» հիմնադրամը (Պելճիքա-Զուիցերիա): Իբրեւ մրցանակ`կը շնորհուին դափնեկիրի վկայագիր, կրծքանշան եւ դրամական պարգեւ` 2.500 ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամի չափով: