Երկուշաբթի 21 Մայիսին Նախագահ Արմէն Սարգիսեան իր պաշտօնավայրին մէջ ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Գերագոյն Խորհուրդին պատուիրակութիւնը:
Աւելի քան կէս ժամուայ ընթացքին քննարկուեցան կարգ մը կենսական հարցեր որոնք կը շահագրգռեն որքան հայրենի ժողովուրդը, նոյնքան նաեւ սփիւռքահայութիւնը, Թաւշեայ յեղափոխութեան ընծայած պայմաններուն ներքեւ: Ընդհանրապէս դրական էին դատումները եւ դիտումները:
Յատկապէս քննութեան տակ առնուեցան հաւանական մօտակայ ընտրութիւններուն կարելիութիւնը, հայրենադարձութեան խնդիրը, տնտեսական ներդրումներու երաշխաւորութեան պարագան, ինչպէս նաեւ Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութեանց նոր ծիրը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ընկեր Վարդան Նազիրեան (Ատենապետ Գերագոյն Խորհուրդին), Յակոբ Աւետիքեան (Ատենապետ Կեդրոնական Վարչութեան), Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Գեւորգ Մարաշլեան, Արմէն Մանուէլեան, Խորէն Քալինեան, Էտուարդ Մանուկեան եւ Կարէն Կակոյեան: