Նախագահ Արմէն Սարգիսեան կողմերը երկխօսութեան կը հրաւիրէ

Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգիսեան

յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Երեւանի եւ մարզերու մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն առնչութեամբ։

«Վերջին օրերուն մեր Հանրապետութեան հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնց գերակշիռ մասը ուսանող երիտասարդութիւնն է, ցոյցերու եւ երթերու ձեւով իրենց պահանջները կը ներկայացնեն իշխանութիւններուն:

Երիտասարդները մեր վաղուայ օրն են՝ ապագայ զինուորը, գիտնականը եւ ճարտարապետը, քաղաքական գործիչը եւ պետական պաշտօնեան, եւ անշուշտ, անոնց ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ ու անոնց կարծիքը յարգուի: Անշուշտ, կան կուտակուած բազմաթիւ սոցիալ-տնտեսական, իրաւական եւ քաղաքական բնոյթի խնդիրներ, որոնք շուտափոյթ լուծում կը պահանջեն: Հայաստանի խորհրդարանը եւ անոր մեծամասնութեան ձեւաւորած կառավարութիւնը, օժտուած ըլլալով համապատասխան լիազօրութիւններով, կոչուած են այդ հարցերը քննարկելու եւ հասարակութիւնը բաւարարող լուծում գտնելու համար: Իմ խորին համոզումով, նման վիճակներու միակ լուծումը երկխօսութիւնն է որեւէ ձեւաչափով, իրարու տեսակէտներու յարգումն ու հանդուրժողականութիւնը:

Իբրեւ պետութեան ղեկավարի, ես կը հրաւիրեմ կողմերը երկխօսութեան, ստեղծուած վիճակէն լաւագոյն ելք գտնելու համար: Այդ առումով կը կիսեմ իրավիճակին առնչութեամբ տարբեր հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններու արտայայտած մտահոգութիւնները եւ կ’ողջունեմ ՀՅԴ-ի առաջարկը՝ ՀՀ նախագահի հովանիի ներքոյ ստեղծել քաղաքական խորհրդակցութիւններու հարթակ, առկայ խնդիրներուն համատեղ, համախոհութեան սկզբունքով լուծումներ գտնելու նպատակով:

Մինչ այդ, կոչ կ’ընեմ հանրային հաւաքի մասնակիցներուն՝ ցուցարարներուն եւ իրաւապահներուն, հանդէս բերելու զսպուածութիւն եւ պատասխանատւութիւն:

Կ’ուզեմ եւս մէկ անգամ յիշեցնել, որ մեր երկրի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը բոլորիս համար պէտք է ըլլան առաջնային ու անքննելի անհրաժեշտութիւն»: