ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ ՏԵՂԱԴՐԵՑ ԱՆՅԱՅՏ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԴԻՄԱՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիէն ներս մասնակցեցաւ Շուշիի ազատագրումի 26-ամեակի եւ Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 73-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն:

«Արմէնփրէս»ի համաձայն, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին նախագահը շնորհաւորեց բոլորը Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առիթով: «Այսօր յաղթութեան օր է, նաեւ կրնանք ըսել, որ նոր հանրապետութեան առաջին օրն է եւ այդ օրը յաղթական է: Մեր երկրին մէջ շատ բան փոխուած է: Այսօր մենք ունինք նոր վարչապետ եւ ժողովուրդի մեծ մասը, երիտասարդները մեծ յոյսեր ունին, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան երէկ, եւ վաղը չէ միւս օրը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան վաղը», ըսաւ նախագահը:

Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ տօնական ձեռնարկներուն ներկայ էին նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գէորգի Կուտոյեան, ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեան, ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Եդուարդ Նալպանտեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան, որոնք ծաղիկներ մատուցեցին Անյայտ զինուորի յուշարձանին մօտ: