Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղբանտարկեալներ պէտք չէ ըլլան»

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղբանտարկեալներ պէտք չէ ըլլան: ՀՀ նախագահի մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ այս մասին նշեց ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:

«Մեր երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պէտք չէ ըլլան: Ես ստացած եմ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած կազմակերպութիւններիէն որոշ փաստաթուղթեր, անոնք մօտ ժամանակներս պիտի ուղարկուին ՀՀ կառավարութիւն՝ համապատասխան նախարարութիւններ: Պէտք է սպասել, որ ՀՀ կառավարութիւնը որոշումներ ընդունի, եթէ համաներման հետ կապուած որոշ գնահատականներ կան»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսաւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան: