Ընդառաջելով իրեն ուղղուած առաջարկին՝ Ապրիլ 25-ի ողջ օրուան ընթացքին՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խորհրդակցութիւններու շարք անցուցած է խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ, քննարկելու համար երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ քննարկումներուն ընթացքին բոլոր մասնակիցները համակարծիք եղած են, որ բարձրացուած հարցերը պէտք է լուծուին Սահմանադրութեան ծիրէն ներս, ներառելով բոլոր սահմանադրական գործընթացները, ընդհուպ մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, անհրաժեշտ պարագային մինչ այդ փոփոխութիւններ կատարելով Ընտրական օրէնսգրքին մէջ եւ Սահմանադրութեան հետ կապուած օրէնքներուն մէջ: