ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԳԻՐԸ ՄԵԶ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ ԹԱԼԷԱԹԻ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Նախագահ Էրտողան, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի ալ ուղերձ մը հրատարակեց 24 Ապրիլի առիթով ու ցաւակից եղաւ 1915 թուականին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերու ու այլ Օսմանցիներու մահուան: Նախագահը իր այս պատգամը ուղարկեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազանին: Ստորեւ կը հրատարակենք Պատրիարքարանէն մեզի ուղարկուած թրքերէն ու հայերէն պատճէնները:

Դիտել տանք որ Թայիպ Էրտողան Թուրքիոյ հանրապետութեան տասնամեակներու ընթացքին հանդիսացաւ առաջին Հանրապետութեան Նախագահը որ ցաւակցական պատգամ հրատարակեց 24 Ապրիլի կապակցութեամբ:

Բարձրաշնորհ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան,

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ,

Իմ շատ թանկագին հայազգի քաղաքացիներ,

Ձեզ կ’ողջունեմ սիրով ու իմ ամենասրտանց զգացումներով:

Դուք այսօր համախմբուած էք Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան երդիքին տակ վերյիշելու համար այն օսմանահայերը, որոնք մահացան Առաջին Աշխարհամարտի բարդ ու դժուարին պայմաններու տակ:

Հերթական անգամ յարգանքով կը յիշատակեմ մահացած օսմանահայերը, որոնց զաւակներուն ու թոռներուն կը յայտնեմ անկեղծ ցաւակցութիւններս:

Այս առթիւ ամենակարող Աստուծմէ ողորմութիւն ու թողութիւն կը հայցեմ այն միլիոնաւոր օսմանահպատակներուն համար, որոնք նոյն ժամանակաշրջանին մենք կորսնցուցինք համաճարակներու, գաղթերու, պատերազմներու եւ բախումներու հետեւանքով:

Պատմութեան ընթացքին մենք եղած ենք ազգ մը, որ ցաւերը իրարու հետ մրցակցութեան մէջ չէ դրած, խտրականութիւն չէ դրած այդ ցաւերուն միջեւ, այլ միշտ բաժնած է զանոնք: Մեր տարածքներէն ներս ապրողներուն առընթեր, մենք միշտ օգնութեան փութացած ենք բոլոր անոնց, որոնք յայտնուած են դժուարութեան մէջ Անտալուզիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Հարաւային Ասիայէն մինչեւ Եւրոպա:

Այս բանը ընելու ժամանակ նկատի չենք ունեցած ոեւէ մէկու հաւատքը, լեզուն, կրօնը, ազգութիւնը եւ մշակութային պատկանելիութիւնը:

Որպէս երկիր՝ այսօր եւս կը ջանանք պահպանել մեր այս ժառանգութիւնը եւ ամրապնդել եղբայրութիւնը, էմփաթին, խաղաղութիւնը եւ անդորրութիւնը:

Թուրք ազգի խիղճի եւ բարոյական կեցուածքի հրամայականն է բաժնել այն ցաւերը, զորս մեր հայազգի քաղաքացիները կրած են պատմութեան ընթացքին:

Առաջ Աստուած, յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի շարունակենք ձեր ցաւերը բաժնել, լուծում գտնել ձեր նեղութիւններուն ու խնդիրներուն:

Ինչ պատճառով որ ալ ըլլայ, մենք թոյլ պիտի չտանք, որ նոյնիսկ մեր մէկ քաղաքացին վանումի կամ խտրականութեան ենթարկուի իր հաւատին, կրօնին կամ հակումին պատճառով:

Համոզուած եմ, թէ մեր հայազգի քաղաքացիներն ալ աւելցնելով պիտի շարունակեն իրենց նպաստը մեր մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրական կեանքին:

Ձեզմէ կը խնդրեմ ինչպէս ցայսօր, այսուհետեւ եւս տեղի չտալ անոնց, որոնք մեր հասարակաց անցեալը խեղաթիւրելով կը փորձեն պատմութենէն դուրս բերել ոխ, ատելութիւն ու թշնամանք:

Այս խոհերով կրկին յարգանքով կը յիշատակեմ Առաջին Աշխարհամարտին մեր կորսնցուցած օսմանահայերը:

Իմ ողջոյններն ու յարգանքը կը յղեմ իմ այն բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք կը մասնակցին ոգեկոչման արարողութեան:

ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ