Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Եթէ ի վերջոյ որոշենք, որ թեկնածութիւնս պիտի առաջադրուի, ապա ատիկա իմ կողմէ պիտի ըլլայ մէկ յաւելումով»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը առաջին անգամ ըլլալով երէկ հրապարակայնօրէն չէ բացառած, որ պիտի առաջադրուի  վարչապետի պաշտօնին: Այդ մասին ան կարճ մեկնաբանութիւն տուած է  «Թերթ» կայքին` շեշտելով, որ նախապէս կատարուած  յայտարարութիւնը, թէ «մէկ մարդը 2 անգամէ աւելի պէտք չէ ղեկավարէ  երկիրը», հիմա շատ կը շահարկուի, քանի որ ընդհանուր պարունակէն դուրս կը բերուի:

«Երբ գործիչը կ՛ուզէ քաղաքական յայտարարութիւն կատարել այն մասին, որ պիտի չըլլայ ինչ որ տեղ մը, ան կ՛ըսէ` ես պիտի չըլլամ այսինչ տեղը, ինչպէս ես յստակ յայտարարած եմ, որ պիտի չըլլամ  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու ճշդած, որ խօսած է յաւակնութիւններու եւ պատկերացումներու մասին, ուրեմն ըսելիքը այլ հարթութեան վրայ է:

«Ես այսօր ալ չեմ յաւակնիր վարչապետի պաշտօնին: Բայց ես ինքզինքս նախապաշարումներով կամ քարացած մտածողութեամբ առաջնորդուող մարդ երբեք չեմ նկատեր: Ես չեմ կրնար հաշուի չնստիլ իրականութեան հետ եւ սեպել, որ չունիմ պատասխանատուութիւն ապագայի եւ ժամանակի մէջ մեր երկրի սահուն ընթացքին համար: Այսօր մենք մէկ  կողմէ ունինք արտաքին քաղաքականութեան դրական արդիւնքներ, որոնք ամրութեան լուրջ պաշար կու տան, հասած ենք ներքին կայունութեան այնպիսի մակարդակի, որ արդէն դրականօրէն կը կանխորոշէ նաեւ տնտեսական ցուցանիշներու ուժականութիւնը, բայց միւս կողմէ կարելի չէ հաշուի չառնել սպառնալիքները, որոնք սահմանադրական փոփոխութիւններուն ընթացքին, ցաւօք, միայն աւելցած են»:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ իր առաջադրման հարցով առկայ են բազմաթիւ քննարկումներ, եւ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ քննարկումները կ՛աւարտին :

«Եթէ ի վերջոյ որոշենք, որ թեկնածութիւնս պիտի առաջադրուի, ապա ատիկա պիտի ըլլայ իմ կողմէ մէկ յաւելումով` առ այն, որ սահմանադրական լիազօրութիւններու ամբողջական իրականացման զուգահեռ աւելի շատ ժամանակ պիտի յատկացնեմ երիտասարդ քաղաքական ղեկավար-գործիչներու մեր երկրի անցած տարիներու երեւցող ու չերեւցող ամբողջ փորձառութիւնը փոխանցելու գործին: Ասիկա խնդիր մըն է, որ այսօր չափազանց կարեւոր է: Բոլորս ընելիք ունինք քաղաքական նոր առաջնորդներու թրծման հարցով` անկախ անոնց կուսակցական պատկանելիութենէն, անկախ քաղաքական ներկայ դիրքաւորումէն», նշած է հանրապետութեան նախագահը: