Հայաստանի վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանը կը վստահեցնէ, որ իր՝ վարչապետի պաշտօնի ընտրուելու պարագային Հայաստանը պիտի շարունակէ մնալ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ: Երեքշաբթի՝ 1 Մայիս 2018-ին, խորհրդարանին մէջ վարչապետի ընտրութեան հարցի քննարկումի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ այդ դիրքորոշումը կը բխի ոչ թէ ինչ-որ անձի ճաշակէն, ոչ թէ ինչ-որ անձի դիրքորոշումի փոփոխութենէն, այլ «Հայաստանի ժողովուրդին յաղթանակ բերած համաժողովրդական շարժումի տրամաբանութենէն»: «Մենք ըսած ենք, որ այս շարժումի արդիւնքով իշխանութեան եկած է ժողովուրդը, եւ ժողովուրդը, շարժումի ընթացքին բազմաթիւ փոփոխութիւններ պահանջելով ներքին կեանքի կազմակերպումին, արդարութեան, օրինականութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային ապահովութեան բնագաւառին մէջ, որեւէ փոփոխութիւն չէ պահանջած ու չի պահանջեր արտաքին քաղաքականութեան ոլորտէն ներս: Մենք պարտաւոր ենք հաշիւի նստիլ ժողովուրդի այս ուղերձի հետ», ըսաւ Փաշինեան:
Ան աւելցուց, որ Ռուսաստանը համարած են եւ կը համարեն ռազմավարական դաշնակից, իսկ համաժողովրդական շարժումը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու համար որեւէ սպառնալիք չի ստեղծեր: «Մենք առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տանք Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն: Որեւէ կասկած չկայ, որ քաղաքական այս գործընթացը նոր շունչ ու ներուժ պիտի տայ մեր դրացիներուն հետ մեր յարաբերութիւններուն: Մենք պիտի խորացնենք յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ եւ այդ կառոյցի անդամ երկիրներուն հետ: Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիրի պահանջի վերացումի ուղղութեամբ: Կ’ակնկալենք անոր շուրջ բանակցութիւնները սկսիլ ամենամօտ ապագային», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:
Անոր խօսքով, Եւրոպական Միութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրի շուտափոյթ վաւերացումը եւ կեանքի կոչումը կը բխի Հայաստանի շահերէն:
Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն՝ շեշտելով, որ այդ երկրի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները նոր խթանումի կարիք ունին: «Մենք նպատակադրուած ենք յստակ և գործնական քայլեր ձեռնարկել Միացեալ Նահանգներու հետ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարկ տալու համար: «Պիտի խորացնենք համագործակցութիւնը Չինաստանի հետ եւ արտաքին քաղաքականութեան այս ուղղութիւնը կը համարենք շատ կարեւոր: Մեծ կարեւորութիւն կու տանք աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին, որ անկասկած կը կազմակերպուի բարձր մակարդակով: Հայաստան ամբողջովին պատրաստ է ստանձնել միջազգային այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան նախագահութիւնը», ընդգծեց ան:
Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց՝ հաւատարիմ են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ դատապարտումի գործընթացին, քանզի համոզուած են, որ միայն դատապարտումի միջոցով կարելի է կանխել նման ոճիրներու կրկնութիւնը: «Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ Հայաստան պիտի շարունակէ առաջամարտիկի դեր խաղալ», շեշտեց ան:
Անոր գնահատումով՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ, միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած լուծման գործընթացին կարծրատիպերը իրենց համար պարտադիր չեն, կենսական է Արցախի ժողովուրդի՝ իր ճակատագիրը ինքնուրոյն որոշելու անքակտելի իրաւունքի եւ ատոր իրացման միջազգային ճանաչումը: «Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման առումով մենք յանձնառու ենք բացառապէս խաղաղ լուծման, որուն առանցքը պէտք է ըլլայ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքը: Նոր լիցք պէտք է հաղորդել Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին, ինչ որ Սփիւռքի Նախարարութեան կարեւորագոյն գործառոյթներէն մէկը պէտք է դառնայ», ընդգծեց վարչապետի թեկնածուն: