Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը կը գուժեն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին վախճանումը Հինգշաբթի՝ 25 Յունիս 2015, առաւօտեան ժամը 8:45-ին:
Երանաշնորհ Հայրապետը ծնած էր Գահիրէ, 17 Յունուար 1940-ին: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր 15 Օգոստոս 1965-ին եւ օգնական նշանակուած Գերապատիւ Յովհաննէս վրդ. Գասպարեանին, հետագային` Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարք: 1968-1990 եղած էր Գահիրէի արուարձաններէն Հելիոպոլսոյ Սրբուհի Թերեզա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ:
18 Փետրուար 1990-ին, ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ.ին կողմէ նշանակուած էր Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմին առաքելական վարիչ: 1993-ին մաս կազմած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին եւ ապա մնայուն սիւնհոդոսին:
7 Հոկտեմբեր 1999-ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին կողմէ կ՛ընտրուի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` առնելով Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը:
Իր 16 տարիներու գահակալութեան ընթացքին, Երջանկայիշատակ Հայրապետը անխոնջ նուիրումով ծառայեց հայ եկեղեցւոյ, ազգին եւ Լիբանանին, եւ գործեց ի խնդիր Հայաստան-Սփիւռք մերձեցումին: Խորապէս մտահոգուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայութեան ճակատագիրով: Երանաշնորհ Հայրապետը ճիգ ու ջանք չխնայեց ի խնդիր լիբանանեան համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան ու համակեցութեան, եղաւ համերաշխութեան ու երկխօսութեան ջատագով մը յատկապէս հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւններուն հետ:
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ