Պաքուի բանտին մէջ՝ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելած են Արցախի նախկին ղեկավարներուն

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները Պաքուի բանտին մէջ այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներուն։

Այս մասին յայտնած է Կարմիր Խաչի Պաքուի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատուն՝ նշելով, որ հանդիպման ընթացքին կալանաւորուած գործիչներուն հետ դէմ առ դէմ հանդիպումներ կազմակերպուած են, անոնց համար «հարազատներու հետ կապ հաստատելու հնարաւորութիւն ստեղծուած է»։

APA գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարներուն այցելած են Հոկտեմբեր ամսուն։

Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Ատրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ ութ հոգին Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է։

Պաքու Արցախի նախկին պաշտօնեաներուն ծանր մեղադրանքներ առաջադրած է՝ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինուած խմբաւորումներու կազմաւորում։ Եթէ դատարանը այդ մեղադրանքները հաստատէ, անոնց ցմահ բանտարկութիւն կը սպառնայ։