Փետրուար 22-ին, ժամը 09:40-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն՝ զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Գրիգոր Կարապետի Եղոյեանը:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: