Ռուսիա բնակող հայ բարերար Սերգէյ Սարգիսով՝ անձնական նախաձեռնութեամբ՝ ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նուիրաբերած է դպրոցական հանրակառք:Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ ԿԳՄ նախարարի մամլոյ խօսնակ Ծովինար Բարխուդարեան:
Ան նշած է, որ հանրակառքը պիտի ծառայէ դպրոցականներուն, մասնաւորապէս, ճանաչողական պտոյտներու համար:
Ան նաեւ նշած է, որ նոյն նպատակին համար շուտով այլ հանրակառք պիտի պիտի տրամադրուի ԱՀ ԿԳՄ նախարարութեան: