Ռուս լրագրող. «Ես ոչ մէկ տեղ այդքան ազատ եւ միաժամանակ անվտանգ զգացած եմ, որքան Ղարաբաղի մէջ»

Ռուսական «Interesting world» լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիր Իգոր Շիրեաեւը Արցախի Հանրապետութիւն կատարած այցելութենէն ետք վստահ է` Լեռնային Ղարաբաղը աշխարհի եզակի վայրերէն է, որ իրական է, կը հաղորդէ “Արցախփրես”-ը:

Ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ ան կիսուած է այցելութեան վերաբերեալ տպաւորութիւններով:

«Այցելելով աշխարհի շատ գեղեցիկ եւ էկզոտիկ վայրեր` Ղարաբաղը կը համարեմ այն քիչ վայրերէն մէկը, որ ես իրական կ՛անուանեմ: Այո, կան աւելի բարձր լեռներ, աւելի էկզոտիկ բնութիւն, աւելի հարուստ երկիրներ: Բայց Ղարաբաղը իրական է: Ի՞նչ կը ներառեմ այդ բառին մէջ: Այստեղ կը բնակին ճիշդ դաստիարակուած մարդիկ, որոնք շատ բան ապրած են եւ զարմանալի կերպով այդքանէն ետք ոչ թէ աւելի վատ, այլ աւելի լաւ մարդ դարձած են: Անոնք ոչ ոքէ ոչինչ կը խնդրեն: Միակ ցանկութիւնը այն է, որ իրենց հանգիստ ձգեն եւ թոյլ տան հանգիստ ապրի այն հողին վրայ, որ իրենցը կը համարեն: Եւ այդ հարցով ես անոնց հետ լիովին համաձայն եմ: Բացի այդ, ես ոչ մէկ տեղ ինծի այդքան ազատ եւ միաժամանակ անվտանգ կը զգամ, որքան Ղարաբաղի մէջ: Յարակարծական է` հաշուի առնելով այս երկրի տխուր պատմութիւնը ու ոչ դիւրին ներկան, բայց փաստ է»,- նշած է Շիրեաեւ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն մարդոց, որոնք կազմակերպած էին իր այցը: Լրագրողը գոհունակութեամբ արձանագրած է այն, որ կնոջ հետ սիրահարներու տօնը նշած են արցախեան բարձրադիր ձիւնոտ բնակավայրերէն մէկու մը մէջ:

Միաժամանակ անոր ոգեւորած է այն, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ մարդիկ ճանչցած են զինք` յայտնելով, որ կը նային իր լուսանկարները ու կը կարդան յօդուածները:

Շիրեաեւ նշած է, որ Արցախէն վերադառնալէն ետք հաւաքած է մեծ թիւով լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, որոնք պիտի մշակուին եւ հրապարակուին յօդուածներու հետ: