«Սա Արցախն է. լեռներու եւ ազատութեան երկիրը». Լաթվիացի լրագրողին տպաւորութիւնները Արցախի մասին

Լատվիացի Ալեքսէյը այլ օտարերկրեայ լրագրողներու հետ այցելած է Արցախ եւ պատմած, թէ ինչ է տեսած է լեռներու եւ ազատութեան երկրին մէջ եւ ինչպէս բնութեան բացառիկ երեւոյթի ականատես դարձած:

Ռիկայէն էջատէր (blogger) Ալեքսէյ Վէսեոլին օտարերկրեայ լրագրողներու խումբի մը հետ Փետրուար 10-14 այցելած է Լեռնային Ղարաբաղ: Eunetwork–իիր էջին մէջ ան պատմած է ուղեւորութենէն ստացած իր տպաւորութիւններուն եւ այն մասին, թէ ինչը զարմացուցած է իրեն այնտեղ:

«Լրագրողներու խումբի հետ ես մեկնեցայ բացայայտելու ինծի համար անծանօթ երկիր մը` Արցախը, որ յայտնի է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ անունով: Մեր ճանապարհորդութիւնը լի էր արկածներով», – «Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ՝ գրած է Ալեքսէյ Վէսեոլին:

Լատվիացի էջատէրին Արցախը զարմացուցած է իր լեռներով, մաքուր օդով եւ բնութեամբ:

«Արցախը կը գտնուի լեռներու վրայ, ամպերէն ալ վեր: Կրնա՞ք պատկերացնել: Ինչպէս կարելի է ապրիլ ամպերէն վեր: Այս հրաշալի երկրին մէջ  արեւը կը շողշողայ գրեթէ միշտ, օդը շատ մաքուր է: Լեռները կ՛ապշեցնեն իրենց բարձրութեամբ, վեհութեամբ: Կովկասեան լեռներ: Անոնք, կարծես, ըլլան դարաւոր հսկաներ, որոնք տեղակայուած են այս յարմարաւէտ լեռնահովտին մէջ եւ աշխարհին կը նային ամպերու մէջէն… Տեղացիները մեղուաբուծութեամբ կը զբաղին, դեղաբոյսեր կը հաւաքեն: Այստեղ հեշտ է շնչելը, օդը կազդուրիչ կը թուի», – կը գրէ ան:

Ալեքսէյի խօսքով` Արցախի մէջ յաճախ կարելի է լեռնային աղբիւրներ, գինեգործարաններ, կրօնական յուշարձաններ տեսնել:

«Մենք կանգ առինք յուշարձաններէն մէկու մօտ: Շուրջբոլորը լեռներ, լեռներ, անվերջ լեռներ: Ջուր խմեցինք աղբիւրէն, ան շատ մաքուր էր, իսկապէս թարմացնող: Լեռնային տեղանքի առանձնայատկութիւնը հաշուի առնելով` ճանապարհները լաւ վիճակի մէջ էին: Հանելուկ կը մնայ, թէ տեղացիները ինչպէս կրնան ատոնք պահպանել այդ տեսքով: Դժուար է պատկերացնել, որ այդ կախարդական երկիրը ռազմական հակամարտութեան մէջ կը գտնուի, իսկ հողը այստեղ խոր սպիներով պատուած է: Արցախը անկախ երկիր է զարմանալի մշակոյթով, մարդոցմով, որոնք բարձր կը գնահատեն ազատութիւնը : Այստեղ բոլորը կը խօսին Ղարաբաղի բացառիկ բարբառով, այդ լեզուն նոյնիսկ Հայաստանի բնակիչները դժուարութեամբ կ՛ընկալեն», – կը նշէ ան:

Էջատէրը կ՛աւելցնէ, որ այս երկրի վրայ դիւցազներգական մարտեր մղուած են:

«Շատերը զոհուած են` պաշտպանելով իրենց գիւղերը, ընտանիքները ու հողը: Որոշ տեղեր մինչ այսօր հրաձգութիւն  կ՛ընթանայ: Որոշ գիւղեր, ուրկէ մենք անցանք, ամբողջութեամբ աւերուած են, սակայն ատոնք կը վերականգնուին տեղի բնակիչներու եւ իշխանութիւններու շնորհիւ: Դուք կրնաք Արցախի անկախութեան համար մարտնչող ու ինկած զինուորներուն նուիրուած բազմաթիւ յուշարձաններ տեսնել: Կը զարմացնէ մարդոց քաջութիւնը, անոնք կը շարունակեն ապրիլ այստեղ եւ չեն վախնար կառուցելէ այն, ինչ որ աւերուած է պատերազմի հետեւանքով: Խաղաղութիւնը այստեղ իսկապէս կարեւոր է», – կ՛ընդգծէ ան:

Ստեփանակերտի մէջ Ալեքսէյը միւս լրագրողներու հետ անկրկնելի բնութեան երեւոյթի ականատես եղած է:

«Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, մենք հասանք երեկոյեան, եւ ան հիւրընկալ կերպով յոգնած ճանապարհորդներու առջեւ բացաւ իր դռները: Քաղաքը ցնցուած էր պատերազմէն, սակայն շատ արագ վերականգնուած: Առաջին տպաւորութիւնը այնպիսին է, կարծես երկնքի մէջ ըլլաս: Բացատրեմ` ինչու. այստեղ մենք ականատես դարձանք բնութեան բացառիկ երեւոյթի մը, երբ մշուշը ամպերու հետ կը ծածկեն քաղաքի փողոցները: Գուցէ` Արցախի բնակիչները արդէն վարժ են ատոր եւ չեն նկատեր, սակայն ատիկա հեքիաթի նման էր. այնպիսի տպաւորութիւն էր, կարծես լեռնային քաղաքի փողոցները կը սաւառնին երկնքի մէջ: Մայրաքաղաքի լապտերի լոյսի ճառագայթը կը շողշողայ ամպերու մէջ եւ նրբօրէն կը ցրուի: Մառախուղէն ու ամպերէն վեր աստղերն են: Դուք ատոնք կը տեսնէք անմիջապէս ձեր գլխավերեւը», – կը գրէ ան:

Արցախի մասին իր շարադրանքը Ալեքսէյը կ՛աւարտէ հետեւեալ խօսքերով. «Սա Արցախն է. լեռներու եւ ազատութեան երկիրը»: