Սերգէյ Փարաջանովի, Լէոնիդ Ազգալդեանի եւ Մոնթէ Մելքոնեանի պատուին փողոցներ պիտի անուանակոչուին

Երեւան քաղաքի կեդրոն վարչական շրջանի Սարալանջի փողոցէն մինչեւ Լեռ Կամսարի փողոցը ինկած ճանապարհահատուածը պիտի անուանակոչուի Լէոնիդ Ազգալդեանի անունով:

Երեւանի աւագանին 2-րդ նստաշրջանի 3-րդ նիստում 41 կողմ, 11 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ հաստատեց որոշումը: Նախագիծին դէմ քուէարկեցին «Ելք» խմբակցութեան ներկայացուցիչները, որոնք հանդէս եկան Երեւանի Լենինգրադեան փողոցը Ազգալդեանի անուան փողոց անուանափոխելու առաջարկով, սակայն քուերակութեամբ առաջարկը մերժուեցաւ:

Իսկ Երեւան քաղաքի Կեդրոն վարչական շրջանի Իսրայէլեան փողոցէն մինչեւ Հրազդանի կիրճ ինկած հատուածը` Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանի յարակից փողոցը, պիտի անուանակոչուի նշանաւոր բեմադրիչին պատուին:

Երեւան քաղաքի Իսակովի պողոտան Լենինգրատեան փողոցին կապող ճանապարհահատուածը պիտի անուանակոչուի Մոնթէ Մելքոնեանի անունով:

Երեւան քաղաքի աւագանու 2-րդ նստաշրջանի 3-րդ նիստին աւագանիի Հանրապետական եւ «Ելք» խմբակցութեան անդամները կողմ քուէարկեցին նախագիծին: «Մէկ տարիէ աւելի այս հարցը կը քննարկուի: Մենք յետագային ճարտարապետներու հետ ճանապարհահատուածը այնպիսի շէնքերով պէտք է կառուցապատենք, որ փողոցին եւ անուանը վայել ըլլայ»,-ըսած է Երեւանի քաղաքապետ Տարոն Մարգարեանը: