Սերժ եւ Անժելա Թանքեաններու նուիրատւութիւնը աւելի քան 400 ընտանիքի տօն պարգեւած է

Սերժ եւ Անժելա Թանքեանները միացած են Հայաստանի մէջ կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդամթերքով ապահովելու ծրագրին:

Անոնք արդէն երկրորդ տարին անընդմէջ «Օրրան»-ի` կարիքաւոր ընտանիքներուն ամանորեայ տօներուն ընդառաջ քաղցրաւենիքով եւ սնունդով լի տոպրակներ նուիրաբերած են:

Անոնց նուիրատւութեան շնորհիւ «Օրրան»-ի 215 շահառու ընտանիքներուն զուգահեռ մեծաքանակ պարէնամթերք ստացած են եւս 212 կարիքաւոր ընտանիք, որոնք ընտրուած են Գիւմրիէն, Վանաձորէն եւ հեռաւոր գիւղերէն: Վերոյիշեալ 212 կարիքաւոր ընտանիքներու ընտրութեան եւ մթերքը բաժնելու գործին իրենց ներդրումը ունեցած են «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» եւ «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն» կազմակերպութիւնները:

Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ կը հետապնդէ թեթեւցնել հոգերու տակ կքած որոշ կարիքաւոր մարդոց դրութիւնը եւ յոյսի ճրագ տալ անոնց` 2018 թուականի հանդէպ լաւատեսօրէն տրամադրուելու համար: