Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրուեցաւ

Երեքշաբթի՝ 17 Ապրիլ 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը՝ բաց քուէարկութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ եւ «Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան» նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Անոր օգտին քուէարկեց 77 պատգամաւոր, դէմ` 17: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն» եւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնները:

Ըստ սահմանադրութեան՝ հանրապետութեան նախագահը անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուած թեկնածուն:

Յիշենք, որ Ապրիլ 9-ին աւարտեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման երկրորդ ժամկէտը եւ նոյն օրը Ազգային Ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին Բրիտանիոյ մօտ ՀՀ նախկին դեսպան Արմէն Սարգսեանը ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները:

Նոյն օրը Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացուց իր հրաժարականը: