ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԵՐԿՈՒ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՄԱՏԵՂՈՒԻՆ

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Ուրբաթ՝ 8 Յունիս 2018-ին,  Դիմատետրի միջոցաւ ուղիղ միացումով անդրադարձաւ «Արի Տուն», «Սփիւռք Ամառնային Դպրոց» եւ «Իմ Հայաստան» ծրագիրներու մասին: Օրեր առաջ նախարարը յայտարարած էր, որ այդ ծրագիրները ժամանակաւորապէս կը դադրին: Անոնք ոչ մէկ պարագայի չեն կասեցուիր, այլ ժամանակաւորապէս կը դադրին, քանի որ կային մտավախութիւններ այս ծրագիրներու գործընթացին մէջ փտածութեան եւ տարատեսակ խախտումներու շուրջ:

«Կայ շատ լաւ նորութիւն մը, «Արի Տուն» եւ «Սփիւռք Ամառնային Դպրոց» ծրագիրները կը միանան: Ծրագիրը պիտի ըլլայ 20-օրեայ դրութեամբ եւ պիտի սկսի 10 Օգոստոսին», ըսաւ նախարարը: