Հինգշաբթի՝ 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Կարէն Կարապետեան 1988 թուականի երկրաշարժի 29-րդ տարելիցի առիթով այցելած է Գիւմրի: Ան ժամը 11:41-ին ծաղիկներ դրած է Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած 1988-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ մասնակցած պատարագին:
«Մենք ամէն օր պէտք է աշխատենք, որպէսզի կեանքը այստեղ փոխուի: Այն խնդիրները, որոնք այսօր Գիւմրին, մեր ժողովուրդը ունին` յաղթահարելի են, ուղղակի պէտք է լաւատեսութեամբ նայիլ ապագային եւ աշխատիլ»,- ըսած է Կարապետեան:
Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Գիւմրիի հետ կապուած համալիր ծրագիր կ՛իրականացուի եւ քաղաքին մէջ կեանքի որակը սկզբունքօրէն պիտի փոխուի: