Վերջերս վարչապետ Կարէն Կարապետեանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:
Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան զեկուցած է այդ նպատակով Հայաստանի քանի մը մարզերու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն մասին: Նշուած է, որ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան մէջ արդէն կան շուրջ 50 ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են բնակչութեան` եկամուտներ ստանալու կարելիութիւններու բարձրացման, ներդրումային միջավայրի եւ ընկերային վիճակի բարելաւման:
Վարչապետ Կարապետեան յանձնարարած է շարունակել աշխատանքները եւ լրամշակել համայնքային զարգացման նպատակով մշակուած ծրագիրները` կարեւոր նկատելով անոնց մէջ գործարարական տրամաբանութեան ամրապնդումը, որ պիտի նպաստէ համայնքներուն մէջ տնտեսական աշխուժութեան խթանման, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ աշխատատեղերու ստեղծման: