Վիգէն Սարգսեան. «Անթոյլատրելի է Պաքուի կողմէն ԵԱՀԿ վարկաբեկման նախաձեռնութիւններն ու շանթաժի ենթարկելու քաղաքականութիւնը»

Անթոյլատրելի է Ատրպէյճանի կողմէն գրասենեակի գործունէութեան կասեցման եւ ԵԱՀԿ կազմակերպութեան վարկաբեկման նախաձեռնութիւններն ու շանթաժի ենթարկելու քաղաքականութիւնը: Այս մասին, այսօր ԵԱՀԿ աւստրիական նախագահութեան` Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Կիւնդեր Պեխլերի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

ՀՀ ՊՆ տեղեկութիւններով՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի աջակցութիւնը յայտնած է աւստրիական նախագահութեան հռչակած առաջնահերթութիւններուն` ուղղուած հակամարտութիւններու կարգաւորման, լարուածութեան տկարացման ու փոխվստահութեան մթնոլորտի վերականգման:

Ներկայացնելով հայ-ատրպէյճանական սահմանագծի վրայ տիրող մտահոգիչ իրավիճակը` Վիգէն Սարգսեան կարեւոր համարած է զինադադարի խախտման դէպքերու միջազգային հետաքննութեան կառուցակազմի ձեւաւորման ուղղուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ ընդգծած Ատրպէյճանի կողմէն սպառազինութիւններու վերահսկման բոլոր միջազգային պարտաւորութիւններու ոտնահարման դատապարտման անհրաժեշտութիւնը միջազգային հանրութեան կողմէն:

Անդրադառնալով Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակին շուրջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին` Վիգէն Սարգսեան արժեւորած է թէ՛ գրասենեակի եւ թէ՛ ընդհանրապէս կազմակերպութեան դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման, ընտրական համակարգի արդիականացման եւ մարդու իրաւունքներու բարելաւման գործին մէջ:

Շեշտելով, որ Հայաստանի համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի հետ հիմնուած է արժէքներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ՝ պաշտպանութեան նախարարը անթոյլատրելի համարած է Ատրպէյճանի կողմէն գրասենեակի գործունէութեան կասեցման եւ ԵԱՀԿ կազմակերպութեան վարկաբեկման նախաձեռնութիւններն ու շանթաժի ենթարկելու քաղաքականութիւնը:

ԵԱՀԿ նախագահութեան ներկայացուցիչը վերահաստատած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման եւ լարուածութեան տկարանալուն ուղղուած կազմակերպութեան ջանքերուն աշխուժացման, կազմակերպութեան հեղինակութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, յոյս յայտնած, որ երեւանեան գրասենեակին շուրջ ստեղծուած բարդ իրավիճակը պիտի հանգուցալուծուի ԵԱՀԿ եւ Հայաստանի շահերուն համապատասխան:

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակած են նաեւ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ համագործակցութեան կառուցակազմերուն շուրջ: