Վրաստանի ԱԳ նախարարութիւնը արձագանգած է Թիֆլիսի մէջ Արցախէն լուսանկարիչներու ցուցահանդէսին վերաբերեալ Ատրպէյճանի բողոքին

Թիֆլիսի մէջ բացուած ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին լուսանկարիչներ Արցախէն, անձնական նախաձեռնութիւն է, եւ ատոր կազմակերպման մասնակից չեն եղած պետական կառոյցներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նովըսթի-Կրուզիա»-ն` վկայակոչելով Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդած տեղեկութիւնները:

Վրաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը մտահոգութիւն յայտնած էր եւ դիմած Թիֆլիսի համապատասխան  պետական կառոյցներուն` Արցախի Հանրապետութենէն 7 երիտասարդ լուսանկարիչի աշխատանքներու «Վերածնունդ» անունով ցուցահանդէսի բացման առնչութեամբ:

Ցուցահանդէսը բացուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ եւ բաց պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբեր 20: Ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ «Թէքէեան» կեդրոնի եւ «Շուշի քաղաքի թանգարանները» կազմակերպութեան աջակցութեամբ:

«Ցուցահանդէսը անձնական նախաձեռնութիւն է, եւ ատոր կազմակերպման մասնակից չեն եղած պետական կառոյցներ»,- յայտնած են Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն: